Յաճախորդակենտրոն
Aequalend-ի սիրտը յաճախորդակենտրոնութիւնն է։ Ձեր ֆինանսական նպատակները կը մղեն մեր ամէն որոշումը։ Անհատականացուած լուծումներէն մինչեւ ուշադիր սպասարկութիւն՝ ձեզ կը դնենք ամէն բանի կենտրոնը։
Գիտենք որ ամէն մարդու ֆինանսական ճամբան իւրայատուկ է, եւ հիփոթէքային փոխատուութեան գործընթացը կրնայ վախցնող ըլլալ։
Անհամեմատելի մրցունակ տոկոսադրոյքներու, իւրայատուկ եւ նորարար ծրագիրներու եւ նուիրեալ աջակցութեան մեր մօտեցումը ձեւուած է թէ՛ վերաֆինանսաւորման (refinance) լուծում փնտռող փորձառու տնատէրերու, թէ՛ տնատիրութեան նոր ճամբայ սկսող առաջին անգամ գնորդներու համար։
ՄԻԱՍԻՆ ԱՇԽԱՏԻՆՔ
ՖԻՆԱՆՍԱԿԱՆ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ
Aequalend-ի ֆինանսական կրթութիւնը ծառայութիւն մը ըլլալէ աւելին է. ան կը պարզէ ֆինանսներու աշխարհը եւ հիմք կը դնէ հարստութիւն կուտակելու։
Մեր սեմինարներէն եւ աշխատանոցներէն ճիշդ գիտելիքով, գործիքներով ու միջոցներով զինուած՝ կրնաք զօրանալ եւ ամբողջ կեանքի համար ողջամիտ ֆինանսական որոշումներ առնել։

Aequalend-ի սիրտը յաճախորդակենտրոնութիւնն է։ Ձեր ֆինանսական նպատակները կը մղեն մեր ամէն որոշումը։ Անհատականացուած լուծումներէն մինչեւ ուշադիր սպասարկութիւն՝ ձեզ կը դնենք ամէն բանի կենտրոնը։
Մեր տարբերութիւնը թափանցիկութիւնն է։ Յանձնառու ենք տրամադրելու լաւագոյն ֆինանսական ընտրանքները, որպէսզի կրնաք ապահովել ձեր երազած տունը՝ պահելով տոկոսադրոյքներ, որոնք նկատի կ՚առնեն ձեր ապագան եւ հարստութիւն կառուցելու ձեր ճամբան։ Ամէն գործարքի մէջ արդարութիւնը զօրացնել կը նշանակէ՝ ոչ մէկ ծածուկ վճա՜ր։
Ամէն հիփոթէք մատնահետքի պէս է. կրնայ բարդ ըլլալ, բայց մէկ անձի յատուկ է։ Թէ՛ եկող ամիս, թէ՛ եկող տարի տուն գնելու պարագային, հոս ենք՝ ձեզ ճամբու դնելու այն քայլերով, որոնք ձեր կարիքներուն կը համապատասխանեն։
Ձեր Aequalend-ի հիփոթէքային փոխառութեան պաշտօնեան (loan officer) ծանօթացման հեռաձայնային խօսակցութիւն մը պիտի ունենայ՝ ձեզ եւ տուն գնելու ձեր նպատակները ճանչնալու համար։ Պիտի խօսինք ձեր ֆինանսական վիճակին, վարկային պատմութեան, ձեզի հարկաւոր հիփոթէքի տեսակին եւ աւելիին մասին։
Պիտի օգնենք լեցնել հիփոթէքի դիմումը եւ հաւաքել հիմնական փաստաթուղթերը, ինչպէս՝ տուրքի յայտագիրները, ամսավճարի թերթիկները եւ դրամատնային քաղուածքները։ Որքան արագ ստանանք ամբողջ թղթաբանութիւնը, այնքան աւելի արագ ձեր փոխառութիւնը կրնայ յառաջանալ։
Որպէս ձեր հիփոթէքի միջնորդը՝ մեզի հասանելի են հարիւրաւոր փոխառութեան ծրագիրներ։ Ձեզի համար պիտի փնտռենք փոխատուներ եւ փոխառութեան ընտրանքները պիտի ներկայացնենք ձեր քննարկումին։
Պիտի աշխատինք ընտրուած փոխատուին հետ՝ ձեր դիմումի տեղեկութիւնները ստուգելու եւ փոխառութիւնը մշակելու համար։ Փոխատուն կը հոգայ գնահատումը (appraisal), underwriting-ը (թղթածրարին եւ վտանգին մանրակրկիտ ստուգումը) եւ փոխառութեան հաստատումը ապահովելը։
Հաստատումէն ետք պիտի համաձայնեցնենք ձեզի, փոխատուին եւ փակման գործակալին (closing agent) հետ՝ գործարքը վերջնականացնելու համար։ Վերջին թղթաբանութիւնը ստորագրելէ ետք՝ ձեր նոր տան բանալիները պիտի ստանա՜ք։
Նոյնիսկ փակումէն (closing) ետք՝ հոս ենք, եթէ ձեր հիփոթէքին մասին հարցումներ ծագին։ Կ՚ուզենք ապահովել ձեր շարունակական գոհունակութիւնը։