Արտադրանք

ՖԻՆԱՆՍՆԵՐՈՒ ԱՆԲԱԺԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ

ՄԵՐ ՄՕՏԵՑՈՒՄԸ

ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԸՄԲՌՆՈՒՄ

Aequalend-ի արտադրանքը ստեղծուած է մեր համայնքներուն յատուկ կարիքներուն խորունկ հասկացողութեամբ։ <br/> Նկատի կ՚առնենք մեր յաճախորդներուն դիմագրաւած իրականութիւնները եւ կազմուած ենք ճկուն պայմաններ առաջարկելու համար։

ԳԻՏԵԼԻՔ

Մեր նորարար ֆինանսական կրթութեան ծրագիրներն ու նիւթերը կ՚անդրադառնան ֆինանսական գրագիտութեան կենսական հարցին՝ մեր յաճախորդներուն տալով այն գիտելիքն ու կարողութիւնները, որոնցմով վստահութեամբ կրնան շարժիլ ֆինանսական աշխարհին մէջ։

ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆ

Ապահովութիւնը մեր առաջին առաջնահերթութիւնն է այս ժամանակաշրջանին, ուր տուեալներու արտահոսքն ու ֆինանսական խաբէութիւնները հետզհետէ աւելի սովորական կը դառնան։ Ամուր ապահովական միջոցներ որդեգրած ենք՝ մեր յաճախորդներուն ֆինանսական տեղեկութիւններն ու գործարքները պաշտպանելու համար։

ՄԵՐ ԱՐՏԱԴՐԱՆՔԸ

ԲՆԱԿԱՐԱՆԱՅԻՆ ՓՈԽԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐ / ԱՌԵՒՏՐԱԿԱՆ ՓՈԽԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐ / ՓՈՔՐ ՁԵՌՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԳԻՏԵՆՔ, ՈՐ ԱՄԷՆ ՄԱՐԴՈՒ ՖԻՆԱՆՍԱԿԱՆ ՃԱՄԲԱՆ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ Է, ԵՒ ՀԻՓՈԹԷՔԱՅԻՆ ՓՈԽԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ԿՐՆԱՅ ՎԱԽՑՆՈՂ ԸԼԼԱԼ։

Մեր մօտեցումը՝ անգերազանցելի մրցունակ տոկոսադրոյքներ (interest rates), իւրայատուկ ու նորարար ծրագիրներ եւ նուիրեալ աջակցութիւն, յարմարցուած է թէ՛ փորձառու տնատէրերուն, որոնք վերաֆինանսաւորման (refinance) լուծումներ կը փնտռեն, թէ՛ առաջին անգամ տուն գնողներուն, որոնք տնատիրութեան նոր ճամբայ մը կը սկսին։

ԱՒԵԼԻՆ ԻՄԱՆԱԼ

ՄԻԱՑԷՔ ՄԵՐ ՍՊԱՍՄԱՆ ՑԱՆԿԻՆ

ՈՐ ԿԱՆՈՒԽ ՕԳՏՈՒԻՔ ԲԱՑԱՌԻԿ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐԷ ԵՒ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆԱՑՈՒԱԾ ՖԻՆԱՆՍԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ

All the fields are required